GIZ Եւ KfW ընկերութիւնները Երեւանի մէջ գրասենեակ պիտի բանան

By Asbarez | Friday, 31 March 2017

0331KFW

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Գերմանական երկու մեծ միջազգային ընկերութիւններ Երեւանի մէջ պիտի ունենան իրենց ներկայացուցչութիւնները:

Հայաստանեան ներկայացուցչութիւններ պիտի ունենան Միջազգային համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (GIZ) եւ Վերակառուցման դրամատունը (KfW):

Նշենք, որ 1998էն ի վեր KfW դրամատունը Հայաստանի մէջ իրականացուցած է 800 միլիոն եուրոյի ծրագիրներ:

 



comments