By Asbarez | Friday, 31 March 2017
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Նիուզ>> - Չորեքշաբթի, 29 Մարտին եւ լոյս 30ի գիշերը, արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ, հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով հրադադարը խախտած է շուրջ 50 անգամ՝ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 500 կրակոց:
Արցախի պաշտպանութեան բանակը (ՊԲ) կը տեղեկացնէ, որ թշնամին դիպուկահար հրացաններով սաստիկ կրակ բացած է հարաւ-արեւելեան եւ արեւելեան հատուածներու հայկական դիրքերու վրայ:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնները ճնշելու համար դիմած են պատասխան քայլերու եւ շարունակած են վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ