By Asbarez | Saturday, 01 April 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Եռագոյն>> - ԵԱՀԿի գործող նախագահ եւ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպաստեան Քուրց իր ձայնը միացուցած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու կոչին՝ Արցախի հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման գործընթացը վերսկսելու գծով։
<<Պայքարն ու բռնութիւնը, որ մենք տեսանք մէկ տարի առաջ, ամենասարսափելին է վերջին երկու տասնամեակին։ Անոնք յանգեցուցին աւերներու, տառապանքներու եւ մարդկային կորուստներու: Ատիկա վառ յիշեցումն է այն բանին, որ խաղաղութիւն ձեռք բերելու ջանքերը որքա՛ն արագօրէն կրնան խաթարուիլ: Այդ պատճառով ալ, մենք կողմերուն կոչ կ՛ընենք զերծ մնալու այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք սպառնալիքի տակ կը դնեն հրադադարը: Բոլոր կողմերը պէտք է յարգեն իրենց ստանձնած միջազգային մարդասիրական պարտաւորութիւններուն խստօրէ՛ն հետեւելու խոստումները։ Ռազմական յանցագործութիւնները երբե՛ք կարելի չէ արդարացնել>>, յայտարարած է Քուրց:
<<Ժամանակն է կեդրոնանալու վստահութիւնը ամրապնդող գործնական քայլերու, ինչպէս նաեւ էական բանակցութիւններու վերսկսելու ջանքերուն վրայ>>, ընդգծած է ան, միաժամանակ ափսոսալով, որ 2016ի ապրիլեան ողբերգական իրադարձութիւնները մեծաթիւ զոհեր խլած են, եւ ցաւակցութիւն յայտնելով տուժած ընտանիքներուն:
<<Արդէն իսկ բազմիցս յայտարարած եմ, որ արցախեան հիմնախնդիրին ռազմական լուծում գոյութիւն չունի: Մենք այժմ պէտք է խաղաղութիւն ծրագրենք եւ թոյլ չտանք, որ պատերազմը վերսկսի՝ իր բոլոր սարսափելի հետեւանքներով>>, աւելցուցած է Քուրց:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ