Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման Լաւրովի ծրագիր չկայ Լաւրով

By Asbarez | Saturday, 01 April 2017

 

0401Lavrov

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մարտ 31ին յայտարարած է, թէ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման առնչուող <<Լաւրովի ծրագիր>> գոյութիւն չունի, այլ կը քննարկուի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն՝ Ռուսիոյ, Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի միացեալ առաջարկները։

<<Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներուն համատեղ յայտարարութիւններուն մէջ հնչած առաջարկները յայտնի են բոլորին: Ընդհանուր առմամբ, չմերժելով այդ հիմքը՝ կողմերը տարբեր կերպ կը տեսնեն անոր բաղադրիչներու իրագործման յաջորդականութիւնը: Զայն փոխելու կամ համանախագահներուն մշակած ծրագիրը արմատապէս փոխող նոր տարբեր ծրագիրներ առաջարկելու մասին խօսք չկա՛յ>>, ըսած է Լաւրով:

<<Հիմնականը՝ կողմերուն օգնե՛լն է, որ գտնեն հաւասարակշռուած քաղաքական որոշում, որ պիտի արտօնէ անցնիլ իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող փաստաթուղթերու պատրաստութեան>>, ընդգծած է Լաւրով:

 



comments