Թուրքիան ամէնուր պիտի հետապնդէ Քիւրտ զինեալները - կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

By Aztag Daily | Tuesday, 04 April 2017



Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ երկիրը կը պայքարի եւ պիտի շարունակէ պայքարիլ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ` թէ՛ Թուրքիոյ տարածքին, թէ՛ ալ երկրին սահմաններէն դուրս:

Թրքական <<Միլլիյէթ>> օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Չաւուշօղլու նշած է, թէ <<Թուրքիոյ անվտանգութեան սպառնացող>> քրտական խմբաւորման անդամներուն դէմ երկրի համապատասխան մարմինները կը պայքարին բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր վերջիններս կը ծաւալեն իրենց գործունէութիւնը:

Խօսելով Սուրիոյ մէջ թրքական զինեալ ուժերուն շղթայազերծած <<Եփրատի վահան>> գործողութեան աւարտին մասին` Չաւուշօղլու շեշտած է, որ սուրիական Պապ շրջանի <<ազատագրումը>> տակաւին չի նշանակեր, որ Թուրքիան Սուրիոյ հիւսիսը ամբողջովին հասած է իր նպատակին` ապահովել Թուրքիոյ սահմաններուն անվտանգութիւնը ամբողջ թուրք-սուրիական սահմանի երկայնքին:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ թուրք զինուորականները տակաւին դուրս չեն եկած Սուրիոյ տարածքէն:

 

comments