Սպանիոյ Փեթրեր քաղաքը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

By Asbarez | Monday, 03 April 2017

0401pedrer

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Սպանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանատունը կը տեղեկացնէ, որ Սպանիոյ Փեթրեր քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը Մարտ 30ին վաւերացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող օրինական յայտարարութիւն մը, որուն իրենց աջակցութիւնը յայտնած են խորհուրդին մէջ ներկայացուած գրեթէ բոլոր քաղաքական ուժերը:

Քուէարկութենէն առաջ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Էլտա քաղաքի հայերու <<Արարատ>> միութեան կողմէ կազմակերպուած եւ Մատրիտի <<Հայ Տուն>> միութեան օժանդակութեամբ ու մասնակցութեամբ կայացած է <<Խաղաղութիւնը եւ համերաշխութիւնը ընդդէմ բռնութեան>> խորագիրով մշակութային-տեղեկատուական երեկոն: Սոյն ձեռնարկին հիւրերը, որոնց շարքին էին նաեւ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչները, ծանօթացած են հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենամութ էջերուն, ինչպէս նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան քաղաքական, տնտեսական, իրաւական եւ մշակութային հետեւանքներուն:

Մշակութային-տեղեկատուական երեկոյին յաջորդած է բացումը գեղանկարչական ցուցահանդէսի մը, ուր ցուցադրուած են Հայաստանի վաստակաւոր նկարչուհի Աննա Յարութիւնեանի, Սպանիա բնակող նկարչուհի՝ արուեստի պատմութեան ու տեսութեան մասնագէտ Անահիտ Օհանեանի եւ Երեւանի Ք. Քուշնարեանի անուան արուեստի դպրոցի սաներուն աշխատանքները:

 



comments