Սուրիոյ դեսպանը կը քննադատէ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ ռազմական նոր ծրագիրները

By Asbarez | Wednesday, 05 April 2017

 

0405Haddad

ՄՈՍԿՈՒԱ - <<Սփութնիք>> լրատուամիջոցի թրքական ծառայութիւնը կը գրէ, թէ Ռուսիոյ մօտ Սուրիոյ դեսպան Ռիատ Հատատ Ապրիլ 4ին անդրադարձած է Սուրիոյ սահմաններէն ներս ռազմական նոր գործողութիւններ իրականացնելու մասին Թուրքիոյ սպառնալիքներուն՝ շեշտելով, որ նման քայլեր Սուրիոյ վրայ <<բացայայտ յարձակում>> պիտի նկատուին Դամասկոսի իշխանութեանց կողմէ։

Նշենք, որ թուրք զինուորներուն մէկ մասը կը շարունակէ Սուրիա մնալ, հակառակ այն իրողութեան, որ Թուրքիա անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, թէ աւարտած է Սուրիոյ տարածքէն ներս իրականացուող <<Եփրատի վահան>> գործողութիւնը:

<<Մենք թուրք զինուորներուն ներկայութիւնը կը համարենք բռնագրաւում: Անիկա մեր երկրի ինքնիշխանութեան դէմ ուղղուած բացայայտ ոտնձգութիւն է>>, աւելցուցած է Հատատ:

Յայտնենք, թէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Ապրիլ 3ին յայտարարած էր, որ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ նոր գործողութիւններ պիտի իրականացնէ՝ <<ահաբեկչական կազմակերպութիւններու յենակէտները ոչնչացնելու համար>>։Ան աւելցուցած էր, թէ <<անակնկալներ ունի>> Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան, <<Իսլամական պետութեան>> եւ Կիւլենի համայնքին համար:

 



comments