Թուրքիա Սուրիական տագնապի լուծման խոչընդոտ կը մնայ. Քիւրտ գործիչ

By Asbarez | Thursday, 06 April 2017

0330Khalid


ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան Ֆրանսայի ներկայացուցիչ Խալիտ Իսա, ըստ <<Սփութնիք>>ի թրքական սպասարկութեան՝ յայտարարած է, թէ Թուրքիա, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար տակաւին կը փորձեն խաթարել սուրիական ճգնաժամի խաղաղ հանգուցալուծման ուղղուած ջանքերը։

<<Երբ մեծ պետութիւնները Սուրիոյ մէջ խաղաղ քաղաքական լուծում ձեռք բերելու վերաբերեալ որեւէ որոշում հաստատեն, կ՛աշխուժանան այդ որոշումը խոչընդոտել միտող տարածաշրջանի արմատական ուժերը: Խօսքը մասնաւորապէս Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի մասին է>>, ըսած է ան, ընդգծելով, որ Սուրիոյ մէջ անհրաժեշտ է այնպիսի լուծում մը գտնել, որ կը պաշտպանէ երկրի բոլոր ժողովուրդներուն շահերը, այլ ոչ միայն այս կամ այն ազգի, կրօնքի կամ յարանուանութեան շահերը:

<<Սակայն, Թուրքիա դէմ է այս ընտրանքին: Թուրքիոյ նախագահը ինքզինք կը համարէ <<Իսլամ եղբայրներ>>ու առաջնորդը: Ուշադրութիւն դարձուցէք Եւրոպային ուղղուած անոր վերջին յայտարարութիւններուն>>, ըսած է Իսա:

 

comments