Ասատի հետապնդումը պիտի մնայ Ամերիկայի առաջնահերթութիւններէն մէկը. Հէյլի

By Asbarez | Thursday, 06 April 2017

ՆԻՒ ԵՈՐՔ, <<Ռոյթըրզ>> - ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Նիքի Հէյլի, յստակացնելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրին վերաբերեալ իր նախորդ յայտարարութիւնը՝ Ապրիլ 3ին յայտնեց. <<Պատերազմի այդ ոճրագործը կը շարունակէ միշտ մնալ Ուաշինկթընի առաջնահերթութիւններէն մէկը: Ասատ պատերազմի ոճրագործ է եւ կրնայ իր ժողովուրդին դէմ ահաւոր արարքներ գործել, անոր դէմ քիմիական զէնքեր օգտագործել, եւ կը շարունակէ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան ու ամերիկեան վարչակազմին դիմաց ուժեղ արգելք մը մնալ։ Ամերիկեան վարչակազմը, Ասատի վերաբերեալ իր այս կեցուածքին կողքին, պէտք է սկսի ճնշում բանեցնելու նաեւ Ռուսիոյ եւ Իրանի վրայ՝ Իրանը Սուրիայէն դուրս բերելու եւ այդտեղ իրանեան ազդեցութենէն ձերբազատուելու համար: Պիտի շարունակենք ռուսերը համոզել Ասատը իշխանութեան վրայ պահելու վտանգին մասին>>:

Ան նաեւ ըսաւ. <<Ասատը թերեւս իշխանութենէն պիտի չհեռանայ, սակայն պիտի չդադրինք զինք հարուածելէ եւ ընդգծելէ, որ Սուրիոյ ժողովուրդին հետ իր վարուելակերպը սխա՛լ է>>:

Նշենք, որ Հէյլի նախապէս յայտարարած էր, թէ Ասատը իշխանութենէն հեռացնելը Ուաշինկթընի առաջնահերթութիւններէն չէ՛։

 

comments