By Asbarez | Thursday, 06 April 2017
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Մարտ 28ին, հիւսիսային Իրաքի Քերքուքի նահանգապետարանը որոշեց Քերքուքի կառավարական շէնքերուն վրայ, Իրաքի դրօշակին կողքին, պարզել նաեւ հիւսիսային Իրաքի Քիւրտիստանի ինքնավար շրջանի դրօշակը։ Որոշումէն անմիջապէս ետք, քրտական դրօշակը սկսաւ ծածանելու, բայց Թուրքիա մեծ աղմուկ բարձրացուց ու իր բողոքը յայտնեց այս քայլին առնչութեամբ։ Արդարեւ, արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու դժգոհութիւն յայտնեց՝ նշելով, որ Թուրքիա անընդունելի կը համարէ այս որոշումը, որովհետեւ անիկա անտեսած է նահանգային խորհուրդի թիւրքմէն ու արաբ անդամներու պոյքոթը։ Ան ազդարարած է, որ որոշումը վնաս պիտի հասցնէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն։ Իր կարգին, Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պետ Տեւլեթ Պահչելի յայտարարեց, որ տեղի ունեցածը <<խայտառակութիւն է>>։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ