Թունաւոր կազեր պարունակող ռումբեր առնուազն 72 զոհ խլած են Իտլիպի մէջ

By Asbarez | Thursday, 06 April 2017

0406Syria

ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Էյ.Փի.>> - Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը կը հաղորդէ, որ առնուազն 72 զոհեր, որոնց կարգին՝ 20 երեխաներ, խեղդամահ եղած են Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի Խան Շէյխուն շրջանին մէջ տեղի ունեցած թունաւոր կազեր պարունակող ռումբերու պայթումին իբրեւ հետեւանք:

Ռմբակոծումը Ապրիլ 4ին կատարուած է սուրիական ռազմական օդանաւերու կողմէ, եւ ռուսական աղբիւրներ կը շեշտեն, թէ անոնք ռմբակոծած են ընդդիմադիրներու զինապահեստանոց մը, ուր, ըստ երեւոյթին, քիմիական նիւթեր ամբարուած էին, հաւանաբար՝ ռումբեր պատրաստելու համար:

Սուրիական զինուորական աղբիւրներ <<Ռոյթըրզ>>ին յայտնած են, թէ սուրիական բանակը քիմիական կամ թունաւոր ո՛չ մէկ նիւթ օգտագործած է անցեալին, ո՛չ ալ կ՛օգտագործէ այսօր, շեշտելով, որ բանակին քիմիական արգիլուած նիւթերը բնաջնջուած են։

ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը Ապրիլ 5ին արտակարգ ժողով մը գումարեց, քննարկելու համար Իտլիպի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր ոճիրը: Նաեւ, Իտլիպի բնակիչներուն օժանդակութեան հասնելու նպատակով, ՄԱԿը 18 բեռնատար օգնութիւն ուղարկեց շրջան:

Այս առիթով, Սպիտակ տան բանբերը քննադատած է յարձակումը եւ… նախագահ Օպամայի վարչակազմը՝ Սուրիոյ նախագահ <<Պասսար Ասատ>>ի կառավարութեան խիստ հակադարձութիւն չցուցաբերելուն համար, սակայն, միաժամանակ յստակացուցած է, թէ Թրամփի վարչակազմը նպատակ չունի Ասատը իշխանութենէն հեռացնելու քաղաքականութիւն որդեգրելու։

 



comments