Ամէնէն աղտոտ օդը ունեցող Եւրոպայի 10 քաղաքներէն ութն՝ Թուրքիոյ մէջ

By Asbarez | Friday, 07 April 2017

 

0218trk pollution


ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ ութ քաղաքներ տեղ գտած են Եւրոպայի ամենաաղտոտ օդը ունեցող քաղաքներու տասնեակին մէջ։

<<Սէօզճիւ>> կը գրէ, որ այս տուեալը առնուած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ պատրաստուած՝ եւրոպական երկիրներու մէջ օդի աղտոտութեան վերաբերեալ 2016ի տեղեկագիրէն։

Կազմակերպութեան համաձայն՝ մէկ խորանարդ մեթր օդին մէջ 10 մայքրոկրամ վնասակար նիւթերու առկայութիւնը վտանգաւոր է առողջութեան համար։

Եւորպայի մէջ ամենաաղտոտ օդը ունեցող քաղաքը Մակեդոնիոյ Թեթովօ քաղաքն է, ուր մէկ խորանարդ օդին մէջ կան 81 մայքրոկրամ վնասակար նիւթեր։ 2րդ եւ 3րդ տեղերը կը գրաւեն Թուրքիոյ Պաթման եւ Հաքքարի քաղաքները (67 մայքրոկրամ)։ Ցանկին վրայ են նաեւ Թուրքիոյ Այնթապ, Սղերդ, Աֆիոն, Քարաման, Իկտիր եւ Սփարթա քաղաքները։

 

comments