By Asbarez | Saturday, 08 April 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Ուրբաթ օր, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Թաշքենթի մէջ մասնակցած եւ ելոյթ ունեցած է ԱՊՀ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին:
Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստը մեկնարկած է նեղ ձեւաչափով, ապա շարունակուած ընդլայնուած կազմով՝ պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ:
ԱԳՆ մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նիստի օրակարգին վրայ ընդգրկուած եղած են կազմակերպութեան գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման, արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու միջեւ խորհրդատուութիւններու իրականացման եւ կառոյցի արդիականացման վերաբերող հարցեր:
Արտաքին գործոց նախարարները յայտարարութիւն ընդունած են քրիստոնեաներու, մահմետականներու եւ այլ դաւանանքներու ներկայացուցիչներու նկատմամբ անհանդուրժողականութեան եւ խտրականութեան անթոյլատրելիութեան մասին:
ԱՊՀ անդամ երկիրներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները անդրադարձած են իրաւապահ, համացանցային անվտանգութեան, մշակութային եւ կրթական ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերող հարցերուն:
Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդը որոշած է հաւանութիւն տալ Հայաստանի Գորիս քաղաքը իբրեւ 2018ի ԱՊՀ մշակութային մայրաքաղաք հռչակելու մասին որոշման նախագիծին:
Նիստին մասնակիցները քննարկած են եւ հաւանութեան արժանացուցած են 16 նախագիծ էր:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ