By Asbarez | Tuesday, 11 April 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին վերաբերեալ Իզմիրի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ժամանակ, ըստ թրքական <<Տիքեն>> լրատուական կայքին, անդրադառնալով սահմանադրական փոփոխութիւնները մերժողներուն՝ ըսած է. <<Կը յիշէ՞ք անոնք, զորս ծով կը նետէինք 100 տարի առաջ: Անոնց պաշտպանները այսօր <<ոչ>> կ՛ըսեն եւ իրենց ձիերն ու շուները կը ձգեն <<այո>> ըսողներուն վրայ>>:
Իր համոզումով՝ կառավարման նախագահական համակարգին դէմ եղողները Թուրքիոյ թշնամիներն են:
Էրտողան նաեւ յայտարարած է, թէ <<իսկական հիւանդը>> Եւրոպա՛ն է: Ըստ իրեն՝ Եւրոպայի տնտեսութեան վիճակը հետզհետէ կը վատթարանայ: <<Անոնք վարակուած են ցեղամոլութեան վարակով: Այս անգամ անոնց վիճակը ծանր պիտի ըլլայ>>, համոզուած է Թուրքիոյ նախագահը:
Էրտողան նաեւ յայտնած է, թէ եւրոպական երկիրները ճնշում կը գործադրեն ծագումով թուրք քաղաքացիներուն վրայ: Ան սպառնացած է, որ Ապրիլ 16ի հանրաքուէէն ետք, Եւրոպան պատասխա՛ն պիտի տայ իր այդ կեցուածքին համար:
Յիշեցնենք, որ ըստ թրքական պաշտօնական պատմագրութեան՝ 1922-1923 թուականներուն, քեմալական շարժումին ժամանակ, թուրքերը Պոսֆորի ջուրեր նետած են <<քրիստոնեայ զաւթիչները>>՝ իբրեւ կայսերապաշտ բռնակալութեան դէմ պայքարի դրսեւորում:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ