Նախագահ Սարգսեան ցաւակցութիւն յայտնած է Եգիպտոսի իր պաշտօնակիցին

By Aztag Daily | Tuesday, 11 April 2017


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ` 9 ապրիլին ցաւակցական հեռագիր յղած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի` Եգիպտոսի տարբեր շրջաններուն մէջ գտնուող ղպտիներու Ս. Գէորգ եւ  Ս. Մարկոս եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթումներուն առիթով, որոնք տասնեակ անմեղներու մահուան պատճառ դարձան:

<<Հայաստան խստօրէն կը դատապարտէ այդ անմարդկային արարքները եւ իր զօրակցութիւնը կը վերահաստատէ բարեկամ Եգիպտոսին` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին մէջ: Եգիպտոսի համար այս դժուար պահուն իմ անկեղծ ցաւակցութիւնս կը յայտնեմ ձեզի, Եգիպտոսի բարեկամ ժողովուրդին եւ զոհուածներու ընտանիքներուն` մաղթելով ուժ եւ տոկունութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում>>, գրուած է նախագահին ցաւակցագիրին մէջ:

 



comments