Ռուսիան պէտք է դադրի յամառիլ Սուրիոյ նախագահի իշխանութիւնը պահպանելու հարցին մէջ - կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

By Aztag Daily | Tuesday, 11 April 2017


Թրքական <<Միլլիյէթ>> օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Ռուսիան բաւարար միջոցներու չի ձեռնարկեր Սուրիոյ մէջ կրակոցի դադրեցման համար:

Ան նշած է, որ այդ մասին իրենք արդէն զրուցած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:

<<Ռուսիան պէտք է դադրի յամառիլ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութիւնը պահպանելու հարցին մէջ: Ես արդէն այդ մասին ըսած եմ իմ ռուս գործընկերոջս: Ռուսիան բաւականաչափ միջոցներ չի ձեռնարկեր Սուրիոյ մէջ զինադուլի դրութեան խախտումը դադրեցնելու համար>>, ըսած է Չաւուշօղլու:

 



comments