Խոստանալով այսուհետեւ ուժգնօրէն հակադարձել` Միացեալ Նահանգներ կարմիր գիծը անցան - կ՛ըսեն Սուրիոյ դաշնակիցները

By Aztag Daily | Tuesday, 11 April 2017


Ռուսիոյ, Իրանի եւ սուրիական բանակի դաշնակից ուժերը երէկ Շհէյրաթ օդակայանին դէմ ամերիկեան հրթիռակոծման վերաբերեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին:

<<Մայատին>> արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ դէմ կատարած յարձակումը վտանգաւոր խախտում մըն է եւ բացայայտ ոտնձգութիւն մը Սուրիոյ ժողովուրդին ու պետութեան դէմ, իրողութիւն մը, որ <<անգամ մը եւս կը փաստէ ամերիկեան հաշիւներուն եւ ընտրանքներուն սխալ ըլլալը>>:

<<Մենք չենք անգիտանար, թէ Ամերիկան հիւսիսային Սուրիոյ եւ հիւսիսարեւմտեան Իրաքի մէջ ի՛նչ կը ձգտի իրագործել: Անոնք պէտք է գիտնան, որ իրենց իւրաքանչիւր քայլին ու շարժումին ուշադրութեամբ կը հետեւինք, եւ աշխարհագրական այդ տարածքին վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու իրենց փորձը զիրենք կը վերածէ սուրիական գերիշխան հողեր բռնագրաւող ապօրինի ուժերու>>, կը յայտնեն Սուրիոյ դաշնակից ուժերը:

Անոնք Միացեալ Նահանգներու կատարած հրթիռակոծումը նկատեցին <<կարմիր գիծերու անցում մը>>` խոստանալով այսուհետեւ ուժգնօրէն  հակադարձել ոեւէ մէկու կողմէ կատարուած որեւէ յարձակումի եւ կարմիր գիծի շրջանցումի, <<եւ Ամերիկան լաւ գիտէ հակադարձելու մեր կարողութիւնը>>:

<<Ռուսիան ու Իրանը Ամերիկային պիտի չարտօնեն տիրել աշխարհին եւ միաբեւեռ համակարգ պարտադրել Սուրիոյ դէմ ուղղակի յարձակումի շարունակման ճամբով (…) եւ ուժեղ կերպով ու ամէն գնով պիտի կանգնին Ամերիկայի դիմաց>>, կ՛ընդգծեն այդ ուժերը` աւելցնելով, որ իրենք ամերիկեան յարձակումին պիտի հակադարձեն` աւելցնելով սուրիական բանակին տրամադրուած աջակցութիւնը:

Միւս կողմէ, բրիտանական <<Տի Ինտիփենտընթ>> օրաթերթը հաղորդեց, որ Ռուսիա Սեւծովեան նաւատորմիղի <<Ծովակալ Կրիկորովիչ>> ռազմանաւը ուղարկած է Թարթուսի նաւահանգիստ, ուր տեղակայուած են ռուսական մարտանաւերը:

Ռուսական պետական լրատուամիջոցներուն համաձայն, նաւու գործունէութիւնը կախեալ պիտի ըլլայ <<զինուորական կացութեան փոփոխութենէն>>: Ռազմանաւը զինուած է թեւաւոր հրթիռներով, հրթիռային պաշտպանութեան համակարգով, թնդանօթով, ականներով եւ կրնայ ուղղաթիռ կրել:

 



comments