By Asbarez | Tuesday, 11 April 2017
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Ռուսիոյ, Իրանի եւ սուրիական բանակի դաշնակից ուժերը Ապրիլ 9ին, սուրիական Շհէյրաթ օդակայանին դէմ երկու օր առաջ կատարուած ամերիկեան յարձակումին վերաբերեալ միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ Միացեալ Նահանգներուն կատարած յարձակումը՝ Սուրիոյ դէմ, վտանգաւոր խախտում մըն է եւ բացայայտ ոտնձգութիւն՝ Սուրիոյ ժողովուրդին ու պետութեան դէմ, իրողութիւն մը, որ «անգամ մը եւս կը փաստէ ամերիկեան հաշիւներուն եւ ընտրանքներուն սխալ ըլլալը»:
«Մենք չենք անգիտանար, թէ Ամերիկա հիւսիսային Սուրիոյ եւ հիւսիսարեւմտեան Իրաքի մէջ ի՛նչ կը ձգտի իրագործել: Ամերիկացիները պէտք է գիտնան, որ իրենց իւրաքանչիւր քայլին ու շարժումին մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք, եւ աշխարհագրական այդ տարածքին վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու իրենց փորձը զիրենք կը վերածէ սուրիական գերիշխան հողերը բռնագրաւող ապօրինի ուժերու», յայտնցին Սուրիոյ դաշնակից ուժերը:
Անոնք Միացեալ Նահանգներու կատարած հրթիռակոծումը նկատեցին «կարմիր գիծերու խախտում մը»՝ խոստանալով այսուհետեւ ուժգնօրէն հակադարձել ոեւէ մէկուն կողմէ կատարուած որեւէ յարձակումի, եւ շեշտելով, որ «Ամերիկա լա՛ւ գիտէ հակադարձելու մեր կարողութիւնը»:
«Ռուսիա ու Իրան Ամերիկային պիտի չարտօնեն տիրել աշխարհին եւ միաբեւեռ համակարգ պարտադրել՝ Սուրիոյ դէմ ուղղակի յարձակումներու շարունակման ճամբով», ընդգծեցին այդ ուժերը՝ աւելցնելով, որ իրենք ամերիկեան յարձակումին պիտի հակադարձեն սուրիական բանակին յաւելեալ աջակցութիւն տրամադրելով:
Միւս կողմէ, բրիտանական «Ինտիփենտըն»չ թերթը հաղորդեց, որ Ռուսիա Սեւծովեան նաւատորմիղի «Ծովակալ Կրիկորովի»չ ռազմանաւը ուղարկած է Թարթուսի նաւահանգիստ, ուր տեղակայուած են ռուսական մարտանաւերը: Ռուսական պետական լրատուամիջոցներուն համաձայն՝ նաւուն գործունէութիւնը կախեալ պիտի ըլլայ «զինուորական կացութեան փոփոխութենէն»: Ռազմանաւը զինուած է թեւաւոր հրթիռներով, հրթիռային պաշտպանութեան համակարգով, թնդանօթով, ականներով, եւ կարողութիւնն ունի ուղղաթիռ կրելու:
Նաեւ հաղորդուեցաւ, որ սուրիական ռազմական օդանաւեր արդէն իսկ Ապրիլ 9ին սկսած են վերագործածելու ամերիկեան յարձակումին թիրախ դարձած ռազմական օդակայանը, ցոյց տալով, որ ամերիկացիներուն աւելի քան 90 միլիոն տոլար արժած յարձակումը յատկանշական վնաս չէ պատճառած Սուրիոյ ռազմական կարողականութեան։
Միւս կողմէ, Թրքական «Միլլիյէ»չ թերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտարարած է, թէ Ռուսիա բաւարար միջոցներու չի ձեռնարկեր՝ Սուրիոյ մէջ զինադադար պարտադրելու համար: Ան նշած է, թէ այդ մասին ինք արդէն իսկ զրուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
«Ռուսիան պէտք է դադրի յամառելէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութիւնը պահպանելու հարցին մէջ», աւելցուցած է Չաւուշօղլու:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ