By Asbarez | Wednesday, 12 April 2017
ԱՆԳԱՐԱ.- Ռուսական «Թասս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ Ռուսիան պէտք է դադրեցնէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին իր աջակցութիւնը եւ սկսի Միացեալ Նահանգներուն հետ համատեղ գործելու՝ Սուրիոյ մէջ: Էրտողան նաեւ դրական համարած է սուրիական օդուժի ռազմակայանին դէմ ամերիկեան հրթիռային յարձակումը՝ զայն նկատելով Իտլիպի մէջ «քիմիական զէնքով սուրիական յարձակումին արժանի պատասխան»:
«Մենք յոյս ունինք, որ Ռուսիա եւս անոնց (Սուրիոյ վրայ յարձակումներուն) կը մասնակցի, կամ գոնէ՝ կը դադրեցնէ Ասատին սատարելը», ըսած է ան:
Թուրքիոյ նախագահը նաեւ ողջունած է Ռուսիոյ այն յայտարարութիւնը, թէ Մոսկուայի կողմէ Սուրիոյ նախագահին աջակցութիւնը՝ «պարտադիր չէ՛»: Ան պնդած է, թէ Անգարա իր տրամադրութեան տակ ունի տուեալներ, որոնք կը հաստատեն, որ Դամասկոսի մէջ քիմիական զէնքեր կա՛ն։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ