Թուրքիա Ահաբեկչական Արարք  Կը Նկատէ Տիգրանակերտի Պայթումը

By Asbarez | Thursday, 13 April 2017

0413dikranagerd

ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Ապրիլ 12ին, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ մէկ օր առաջ Տիգրանակերտի ոստիկանական մէկ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումը ահաբեկչական գործողութիւն մըն էր:

Ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու նշած է, որ դէպքին վայրը կատարուած հետաքննութեան ընթացքին յայտնաբերուած է դէպի նշեալ կեդրոնը առաջնորդող ընդյատակեայ անցք մը, ուրկէ պայթուցիկ նիւթերը անցուած են:

Սոյլուի համաձայն՝ պայթումին իբրեւ հետեւանք, սպաննուած է ոստիկան մը ու ոստիկանութեան երկու աշխատակից, եւ վիրաւորուած են 12 ուրիշներ:

Ցարդ, ոչ մէկ կազմակերպութիւն ստանձնեց պայթումին պատասխանատուութիւնը։

comments

Advertisement