Ատրպէյճանի Բանակը Լայնածաւալ Ռազմափորձեր Պիտի Կատարէ

By Asbarez | Friday, 14 April 2017

0414azr

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ հաստատուած ծրագիրով, Ապրիլ 16էն 21, լայնածաւալ ռազմափորձեր տեղի պիտի ունենան՝ երկրի զօրքերու մարտական պատրաստութեան ստուգման նպատակով. այս մասին կը տեղեկացնէ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Ռազմափորձերուն պիտի մասնակցին «մինչեւ 30,000» զինուորներ, աւելի քան 250 հրասայլեր եւ 200 հրետանային համակարգեր, 25 ռազմական օդանաւեր եւ ուղղաթիռներ, ինչպէս նաեւ՝ հետախուզութեան եւ անօդաչու թռչող սարքեր:

comments

Advertisement