Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածուները կը փորձեն Հայութիւնը սիրաշահիլ

By Asbarez | Thursday, 20 April 2017


Մարին լը Փեն, Ֆրանսուա Ֆիոն

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Ֆրանսահայերը անհանգստացած են Արցախի իրավիճակով, <<Նուվել տ՛Արմէնի>>ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածու Ֆրանսուա Ֆիոն:

Հանրապետականներու թեկնածուն հանդիսացող Ֆիոն աւելցուցած է, թէ ինք եւս մտահոգ է Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ իրավիճակով: <<2016ի Ապրիլին, Հարաւային Կովկասը նորէն բռնկեցաւ: Միջազգային համայնքի անտարբերութեան պայմաններուն մէջ, Ատրպէյճան փորձեց ուժի միջոցով խլել Լեռնային Ղարաբաղը: Մահաբեր յարձակումը աւարտեցաւ անկայուն հրադադարով>>, ըսած է ան:

Ֆիոն նաեւ նշած է, որ Արցախը վառօդի տակառ է տարածաշրջանին համար: <<Պէտք չէ մոռնալ, որ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ իրավիճակը յառաջացած է Ստալինի պատճառով, որ կամայականօրէն զայն կտրած է Հայաստանէն ու յանձնած Ատրպէյճանին՝ 1921ին: Հիմա այլընտրանք չկայ, պէտք է տագնապին խաղաղ ու կայուն կարգաւորում գտնել՝ ՄԱԿի օգնութեամբ>>, եզրակացուցած է ան:

Միւս կողմէ, Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին լը Փեն յայտարարած է, թէ նախագահ ընտրուելու պարագային՝ պիտի շարունակէ յիշատակել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:

Դարձեալ <<Նուվել տ՛Արմէնի>>ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, լը Փեն ըսած է. <<1915էն ետք բազմաթիւ հայերու ժամանումը Ֆրանսա կարեւոր իրադարձութիւն էր մեր երկրի պատմութեան մէջ, քանի որ անոնք մեծ ներդրում ունեցան նաեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք մեր երկրի վերակառուցման գործին մէջ>>։ Սակայն, ան շեշտած է, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը պէտք չէ ընդգրկուի Ֆրանսայի պաշտօնական օրացոյցին մէջ: Միաժամանակ, լը Փեն կարեւոր համարած է հայերու վերապրած ողբերգութեան յիշատակի պահպանումը:

<<Կարեւոր է նաեւ, որ 1915ի Ցեղասպանութիւնը լայնօրէն ճանչցուի աշխարհի բոլոր երկիրներուն կողմէ, իսկ Թուրքիա, ի վերջոյ, պէտք է սկսի լրջօրէն վերանայելու իր պատմութեան այդ ահաւոր էջը: Ֆրանսա պէտք է անպայման աջակցութիւն ցուցաբերէ ճանաչման այս պայքարին>>, ընդգծած է լը Փեն:

Ան նաեւ մեծապէս կարեւոր համարած է Ֆրանսայի հայ համայնքին դերը, թէեւ՝ իրեն <<հաճելի չի թուիր համայնք արտայայտութիւնը>>:

<<Կ՛ողջունեմ բոլոր այն ֆրանսացիները, որոնք այսքա՛ն լաւ ընդելուզուած են եւ իրենց ներդրումը ունին տարբեր ոլորտներու մէջ, ինչպէս օրինակ՝ մշակոյթի, գիտութեան եւ նոյնիսկ քաղաքականութեան: Անոնք ինծի համար կատարեալ օրինակ են այն բանին, ինչի մասին ես բազմիցս խօսած եմ՝ ֆրանսացի ազգութիւնը ժառանգել կամ անոր արժանանալ>>, շեշտած է ան։

Լը Փեն յստակօրէն դէմ է Թուրքիոյ՝ Եւրոմիութեան անդամակցութեան: Ան յիշեցուցած է, որ Ազգային ճակատէն ընտրուած եւրո-պատգամաւորները միշտ դէմ քուէարկած են Թուրքիոյ հետ Եւրոմիութեան բանակցութիւններուն մէջ նոր գլուխներու բացման:

Ֆրանսայի նախագահական թեկնածուն Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ցանկալի կը համարէ այն լուծումը, որ հնարաւորութիւն կու տայ Ղարաբաղին վերամիաւորուելու Հայաստանի հետ:

<<Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, վարչական սահմանները արագօրէն եւ առանց վերաիմաստաւորման՝ դարձան միջազգային սահմաններ, սակայն, անկախութենէն ետք աւելի ցանկալի պիտի ըլլար, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հասնէին այնպիսի համաձայնութեան, որ պիտի արտօնէր Լեռնային Ղարաբաղին վերամիաւորուիլ Հայաստանի հետ>>, նշած է ան:

 


comments

Advertisement