By Aztag Daily | Saturday, 22 April 2017
<<Ասպարէզ>>-ի անգլերէն կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ուայոմինկ նահանգը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Այս առիթով Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնած է Ուայոմինկի կառավարիչ Մեթիու Միտի, որ այս առնչութեամբ յղած 21 ապրիլ թուակիր նամակին մէջ դատապարտած է նման սպանդներ, որոնք եթէ մոռցուին, անպայման կը կրկնուին: Ան նաեւ դրուատած է ամերիկահայութեան գործունէութիւնն ու ներդրումը Միացեալ Նահանգներու մէջ` զայն նկատելով ներշնչող:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Նորա Յովսէփեան դիտել տուած է, որ այսպիսով Ուայոմինկի կառավարիչը եւս իր ձայնը կը միացնէ արդարութիւն եւ Ցեղասպանութեան ճանաչում պահանջող կոչերուն, ինչպէս նաեւ այս ճանաչումով կը յարգէ յիշատակը մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն` աւելցնելով, որ Ուայոմինկ շրջանը օրին գործակցած է <<Նիր Իսթ Ռիլիֆ>>-ին հետ, որպէսզի վերապրող որբերուն անհրաժեշտ ապաստան եւ հոգատարութիւն տրամադրուի:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ