Ռուսիա, Թուրքիա եւ Իրան քննարկած են Սուրիոյ մէջ զինադադարի եւ գերիներու փոխանակման հարցերը

By Aztag Daily | Saturday, 22 April 2017


Ասթանայի հոլովոյթի երաշխաւոր երկիրներ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի փորձագէտները քննարկեցին երեք երկիրներուն ներկայացուած եւ Սուրիոյ մէջ զինադուլի ամրապնդման ու գերիներու փոխանակման վերաբերող փաստաթուղթը:

Թեհրանի մէջ Փորձագէտներու եւ միացեալ աշխատանքի խմբակի ժողովէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ երեք երկիրներու պատուիրակութիւնները համաձայնութիւն գոյացուցած են 2 մայիսին Ասթանայի մէջ տեղի ունենալիք ժողովէն առաջ փորձագէտներու մակարդակով նոր ժողով մը գումարելու:

Դիւանագիտական աղբիւր մը <<Սփութնիք>>-ին յայտնեց, որ Թեհրանի ժողովին նաեւ համաձայնութիւն գոյացած է գերիներու փոխանակման մասին փաստաթուղթի մը շուրջ, որ պիտի ներկայացուի Ասթանայի ժողովի մասնակիցներուն:

 



comments

Advertisement