* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
25 February , 2012: ARS Seminar - Click here for details 26 February , 2012: Film Screening: Charents - In search of my Armenian poet - Click here for details 03 March , 2012: Hayastan All-Armenian Fund: Fundraising Dinner - Click here for details 18 March , 2012: Narek Duryan in C'est la Vie - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 25 February , 2012: ARS Seminar - Click here for details

Վերանորոգուած Կեսարիոյ Եկեղեցին Պիտի Բացուի Նոյեմբեր 8ին

Wednesday, 04 November 2009     |    |   

Source: Asbarez
Tags: turkey

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>>.- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 2ին <<Հիւրրիյէթ>> թերթը իր առաջին եւ ներքին էջերուն մէջ լայնածաւալ տեղ տուած է Թուրքիա-Հայաստան լուրերուն, <<Ահաւասիկ ա՛յս է տարբերութիւնը>> մեծատառ խորագրին ներքեւ։ Այդ խորագրով, թերթը հակասական վերաբերում կը նկատէ երկու երկիրներու մերձեցման նախաքայլերուն յաջորդող օրերուն դրսեւորած քաղաքականութիւնը։ Կը գրուի, որ հայերը, Ցեղասպանութեան համար հողային եւ նիւթական հատուցման պահանջ կը ներկայացնեն, իսկ թուրքերը կը պատրաստուին 8 Նոյեմբերին բացումը կատարել վերանորոգուած Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին։

Թերթը կը գրէ, թէ հողային պահանջի մասին խօսած է ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրը եւ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Ատանայի ջարդերու 100 ամեակի հանդիսութիւններուն ընթացքին:

Նկատելով, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Կեսարիա ծնած է, կը կարծուի, որ եկեղեցւոյ բացումը վերջին տարիներու ամէնէն մեծահանդէս արարողութիւնը պիտի ըլլայ։ Թերթը կը գրէ, որ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին հիմնուած է 1191ին եւ <<Անատոլուի մէջ հայապատկան եօթը եկեղեցիներէն մէկն է>>։ Եկեղեցւոյ նորոգութիւնը տեւեց երեք տարի։ Օծման արարողութիւնը պիտի կատարուի Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ սրբազանի կողմէ եւ Ս. պատարագ պիտի մատուցուի։ Բացման ներկայ պիտի ըլլայ Կեսարիոյ կուսակալը եւ քաղաքապետը։ Հանդիսութեան մասնակցելու հրաւէր ուղղուած է նաեւ նախագահ Կիւլին։ Եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարպիս Պաղտատ ըսած է, որ եկեղեցւոյ օծման հրաւիրուած են ամբողջ համայնքը, կեսարացիները եւ հաւատացեալները։ Եկեղեցին, որ նախապէս հանդիսաւոր օրերուն միայն բաց կը մնար, այսուհետեւ միշտ բաց պիտի մնայ, պաշտպանութեան նախարարութենէն պատասխանատու անձի մը հսկողութեամբ։

Այս յօդուածին պատասխանելով, Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ արք. Աթէշեան նամակ մը յղած է <<Հիւրրիյէթ>> թերթին, որ յօդուածին մէջ փորձած էր եկեղեցւոյ բացումը կապել հայ-թրքական յարաբերութիւնները բնականոնացնելու քայլերուն: Նամակին մէջ գրուած է.

<<Անկասկած մեզի համար ուրախութեան առիթ է Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բարենորոգութենէն ետք պաշտամունքի վերաբացումը։ Այս առիթով կ՛ուզենք նիւթ մը ձեր ուշադրութեան յանձնել։ Լուրին մէջ տեսանք որ եկեղեցւոյ վերաբացումը զուգակցուած է Թուրքիա-Հայաստան բացուածքին եւ արտասահմանէն կատարուած յայտարարութեան մը։

<<Օգտակար կը նկատենք անգամ մը եւս կրկնել այն ինչ որ ամէն բեմահարթակի վրայ կ՛արտայայտենք։ Թուրքիոյ հայ համայնքի ամէն մէկ անհատը Թուրքիոյ հայրենակից է, եւ համայնքի բոլոր հաստատութիւնները ծառայութիւն կը բերեն Թուրքիոյ օրէնքներու շրջագծին մէջ։ Ուստի, այն համոզումն ունինք, որ ճիշդ չ՛ըլլար մեր հաստատութիւններու գործունէութիւնը առնչակից դարձնել Թուրքիա-Հայաստան բացուածքի հետ։ Որովհետեւ մեր այս հաստատութիւնները կը շարունակէին գործել տակաւին այն շրջանին, երբ Թուրքիա-Հայաստանի միջեւ նմանօրինակ մերձեցումներ չէին հաստատուած, նոյնիսկ երբ Հայաստանի հանրապետութիւնը չէր հռչակուած։

<<Միւս կողմէ ալ դիտել տալ կ՛ուզենք, որ բացարձակապէս ճիշդ չենք նկատեր արտասահմանի հայութեան կողմէ յառաջ քշուած եւ մեր համայնքին համար պարտաւորիչ չնկատուող կարծիքները կապել թրքահայ համայնքի գործունէութեան եւ բաղդատութիւններ ընել ասոնց միջեւ։ Պիտի ուրախանանք, եթէ յայտարարութեան բնոյթով մեր այս մտերիմ արտայայտութիւնները ձեր ուշադրութեան առարկայ դառնան>>։

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement