Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանէն կը պահանջէ ուսումնասիրել 1915ի տեղահանութեան մասին օրէնքին հետեւանքները

By Asbarez | Sunday, 23 April 2017

 

paylan

ՊՈԼԻՍ, <<Ակօս>> - Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայերու տեղահանութեան մասին օրէնքին հետեւանքները ուսումնասիրելու դիմում ներկայացուցած է խորհրդարանի ղեկավարութեան:

<<Ժամանակաւոր տեղահանութեան օրէնք>>-ը ընդունուած էր 1915 թուականի Մայիս 27ին եւ ուժի մէջ մտած էր նոյն թուականի Յունիս 1ին <<Takvim-i Vekayi>> պաշտօնաթերթին մէջ տպագրուելէն ետք:

Փայլան պահանջած է ուսումնասիրել այդ ժամանակարշրջանի կառավարութեան եւ պետական պաշտօնեաներու պատասխանատւութեան հարցը եւ տեղահանութեան հետեւանքներուն մինչեւ օրս շարունակուող ազդեցութիւնը:

Ան դիմումին մէջ ընդգծած է, որ <<ժամանակաւոր տեղահանութեան օրէնք>>ին ընդունումէն ետք՝ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ բնակող հայ բնակչութիւնը ենթարկուած է տեղահանման, բացի այդ, անիկա պատճառ դարձած է հայերու, ասորիներու, քաղտէացիներու, եզտիներու եւ յոյներու կոտորածին: Ըստ Փայլանի` չնայած 102 տարի անցած է, բայց վերոնշեալ օրէնքին հետեւանքները Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովին կողմէ չեն ուսումնասիրուած:

Փայլան նշած է, որ տեղահանութեան մասին օրէնքին պատճառով՝ բազաթիւ մշակութային արժէքներ ու անշարժ գոյք բռնագրաւուած է կամ ալ առգրաւուած է պետութեան կողմէն:

<<Այս օրէնքին հարցով որեւէ շահարկում կանխելու,  <<ճշմարտութեան>> բացայայտման նպաստելու, ապագայ սերունդներուն` Թուրքիոյ մէջ ազատութեան եւ խաղաղութեան մէջ համատեղ  ապրելու հնարաւութիւն ապահովելու նպատակով, կ՝առաջարկեմ, որ խորհրդարանը ուսումնասիրութիւն սկսի` համաձայն Սահմանադրութեան 98-րդ, ներքին կանոնադրութեան 104րդ եւ 105րդ յօդածներուն>>, ըսած է հայ պատգամաւորը:

 

comments