Թրամփ եւս մերժեց գործածել Ցեղասպանութիւն բառը

By Asbarez | Wednesday, 26 April 2017

0426trump

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ - Տեղի տալով Անգարայի ճնշումներուն դիմաց՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւս, նախորդ նախագահին նման, մերժեց <<ցեղասպանութիւն>> բառը գործածել՝ նկարագրելու համար աւելի քան 1.5 միլիոն հայերու ջարդը։

<<Իր այս կեցուածքով, Թրամփ աշխարհի տարածքին ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման իր պարտականութիւնը կը վստահի բռնատէր Էրտողանին>>, յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։

Ապրիլ 24ին հրապարակուած իր յայտարարութեան մէջ Թրամփ ըսած է. <<Այսօր կ՛ոգեկոչենք այն անձերը, որոնք տառապեցան քսաներորդ դարու ամենամեծ զանգուածային սպանդէն, որ <<Մեծ Եղեռն>>ն է (հայերէնով գրուած)>>։

Թրամփ աւելցուցած է, որ 1915էն սկսեալ, 1.5 միլիոն հայեր աքսորուեցան, սպաննուեցան կամ տեղահանութեան ենթարկուեցան։ <<Կը միանամ Ամերիկայի հայ համայնքին եւ աշխարհասփիւռ հայութեան՝ սգալու համար մարդկային կեանքերու կորուստները եւ շատերուն կրած բազում տառապանքները: Մեծաթիւ հայեր Միացեալ Նահանգներու մէջ նոր կեանք հիմնեցին ու մնայուն նպաստ բերին մեր երկրին։ Անոնք իրենց սիրտերուն մէջ վառ պահեցին յիշողութիւնները իրենց պատմական հայրենիքին, ուր իրենց նախնիները կերտած էին հնագոյն քաղաքակրթութիւններէն մէկը։ Պատմութիւնը պէ՛տք է յիշուի, որպէսզի նմանօրինակ դէպքեր դարձեալ չպատահին։ Մենք գոհունակութեամբ կը դիմաւորենք այն ճիգերը, զորս թուրքեր ու հայեր տարին, որպէսզի ստեղծեն աւելի արդար ու լայնախոհ ապագայի մը ենթահողը, որպէսզի այս ցաւոտ անցեալը ընդունուի բոլորին կողմէ ու հաշիւ տեսնուի անոր համար>>, ըսած է ան։

Նշենք, որ Ներկայացուցիչներու տան աւելի քան ութսուն անդամներ նամակ յղած էին նախագահ Թրամփին ու պահանջած, որ ան <<ցեղասպանութիւն>> եզրը գործածէ։

Վերջին անգամ նախագահ Ռանըլտ Ռեկընն էր, որ <<ցեղասպանութիւն>> եզրը գործածած էր 1981ին, սակայն Թրամփ նախընտրեց հետեւիլ Պարաք Օպամայի օրինակին՝ գործածելով <<Մեծ Եղեռն>> եզրը։

 

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԲՈՂՈՔԵՑ

 

Հակառակ <<ցեղասպանութիւն>> բառը չգործածելուն, Թրամփ Ապրիլ 24ի իր առաջին յայտարարութեամբ դժգոհութիւն պատճառեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, որ գրաւոր հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ Թրամփի լուսաբանութիւններուն մէջ առկայ <<սխալ տեղեկութիւններ>>ն ու բացատրութիւնները ծնունդ կ՛առնեն այն <<սխա՛լ քարոզչութիւն>>ներէն, որոնք տարիներէ ի վեր կը կատարուին կարգ մը <<արմատական հայկական շրջանակներ>>ու կողմէ։

<<Կ՛ակնկալենք, որ կարեւորութիւն չտրուի ատելութիւն սերմանող նմանօրինակ շրջանակներու քարոզչութիւններուն եւ ընդգրկուի բոլո՛ր կողմերուն ցաւը նկատի առնող մերձեցում մը>>, ըսուեցաւ նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Նախարարութիւնը խիստ լեզուով պախարակեց նաեւ Երեւանի մէջ Ապրիլ 24ի ոգեկոչումներուն ընթացքին թրքական դրօշակի հրկիզումը։ <<Խստի՛ւ կ՛անիծենք այս դաւաճանական արարքն ու անոր տեղի տուողները>>, նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ։

 


comments

Advertisement