Հնդկաստանի փոխնախագահը Երեւանի մէջ յարգեց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը

By Asbarez | Wednesday, 26 April 2017


0426india

ԵՐԵՒԱՆ - Ապրիլ 24ին, եռօրեայ պաշտօնական այցով Երեւան ժամանած է Հնդկաստանի փոխնախագահ Մոհամմատ Համիտ Անսարի:

Հնդկաստանի փոխնախագահը <<Զուարթնոց>> օդակայանին մէջ դիմաւորած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան:

Այցի ծիրին մէջ Հնդկաստանի փոխնախագահը Ապրիլ 25ին այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ան այցելեց նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, գրառում կատարեց թանգարանի յուշամատեանին մէջ. <<Այս յուշահամալիրը վառ վկայութիւն է, որ հայերը տուժած են դաժան բռնութիւնէ: Միայն յենելով ազատութեան եւ հանդուրժողականութեան արժեքներու վրայ՝ մենք կրնանք խաղաղ ու ներդաշնակ ապագայ կառուցելու յոյս ունենալ>>, գրած է ան:

Ան Ծիծեռնակաբերդի տարածքին, Յիշատակի պուրակին մէջ եղեւնի տնկած է։

 

comments

Advertisement