Քանատայի վարչապետին ուղերձը` Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով

By Aztag Daily | Wednesday, 26 April 2017


Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ ամեակի առիթով հրապարակած է ուղերձ մը, որուն մէջ կը յայտնէ.

<<Այսօր հանդիսաւոր կերպով հաւաքուած ենք ոգեկոչելու հայ ժողովուրդին նկատմամբ գործուած մարդկային աղէտալի կորուստը, որ տեղի ունեցաւ աւելի քան մէկ դար առաջ:

<<2015-ին Ներկայացուցիչներու տունը միաձայնութեամբ որդեգրեց բանաձեւ մը, որով 24 ապրիլը հռչակուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր:

<<Այս օրը կը յարգէ յիշատակը անոնց, որոնք Ցեղասպանութեան ընթացքին անարդարօրէն կորսնցուցին իրենց կեանքը եւ տառապեցան: Յարգանքի տուրք կը մատուցենք անոնց եւ անոնց ժառանգորդներուն, որոնցմէ շատեր ներկայիս կը բնակին Քանատա:

<<Այս առիթով` քանատացիները, անկախ անոնց կրօնքէն կամ ազգային ծագումէն, միասնաբար հանդիսաւոր յիշողութեամբ եւ վերահաստատ նուիրումով կը հաստատեն, որ երբեք անտարբեր պիտի չմնան որեւէ տեսակ ատելութեան կամ բռնարարքի նկատմամբ:

<<Մինչ կը նշենք Հայոց ցեղասպանութեան օրը, խնդրեմ բաժնեկցինք այն յոյսս, որ ապագան ըլլայ  խաղաղութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքով յատկանշուող>>, կ՛եզրափակէ վարչապետ Թրիւտօ:

 

comments

Advertisement