By Aztag Daily | Wednesday, 26 April 2017

Ֆրանսայի նախագահական թեկնածու, ընտրութեան առաջին փուլին առաւելագոյն քուէներ ստացած <<Յառաջ>> շարժումի ղեկավար Էմանուէլ Մաքրոն նշած է, որ պէտք է կատարելապէս ճանչնալ հայ ժողովուրդի յիշողութիւնը:
<<Ֆրանսայի հայերն ու հայուհիները իրենց ներդրումը ունեցած են մեր պատմութեան կերտման մէջ>>, <<Թուիթըր>>-ի վրայ գրած է Մաքրոն եւ տեղադրած Փարիզի մէջ Կոմիտասի յուշարձան այցելութեան լուսանկարը:
Մաքրոն 24 ապրիլի կէսօրին այցելած է Քանատայի հրապարակին վրայ գտնուող Կոմիտասի յուշարձան եւ յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Մաքրոնին ուղեկցած են Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան:
Մաքրոն նախապէս յայտարարած էր, որ նախագահ ընտրուելու պարագային մտադիր է շարունակել Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման աւանդութիւնը` աւելցնելով, որ պիտի շարունակէ աշխատիլ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու ուղղութեամբ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ