Թրամփի հարկային փոփոխութիւնները եւս՝ հարցականի տակ

By Asbarez | Thursday, 27 April 2017

0428trump-taxes

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Ամերիկայի Ձայն>> - Չկարենալով չեղեալ յայտարարել <<Օպամաքեր>>ը՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այժմ կը գտնուի այլ խոստում մը՝ հարկային համակարգի բարեփոխումը, չկատարելու հաւանականութեան առջեւ: Արդարեւ, Թրամփ խոստացած էր <<մեծ, մեծ կրճատումներ>>:

Այս նպատակի իրականացման պատասխանատուն՝ երկրի գանձապետ Սթիւ Մնուչին, այս շաբաթ բացայայտեց նշեալ ծրագիրի նախնական առաջադրանքը, որմէ <<մեծ, մեծ>> շահեր կրնան ապահովել հսկայ գործարարները եւ ընկերութիւնները, մինչ միջին եկամուտ ունեցող ընտանիքներու հարկային պարտաւորութեանց մասին շատ բան չէ բացայայտուած։

Հանրապետական քոնկրեսականներ կը պնդեն, թէ հարկային օրէնքներու փոփոխութիւնը պէտք չէ աւելիով մեծցնէ կառավարութեան ամավարկին բացը։ Իսկ դեմոկրատներ կը շեշտեն, որ պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ հանրապետականներու վաւերացուցած հարկային օրէնքները կը բխին հարուստներու շահերէն եւ վնաս կը հասցնեն երկրին։ Այս առթիւ քոնկրեսական Ճոզէֆ Քենետի ըսած է. <<Եթէ Թրամփ կ՛ուզէ աշխատաւոր ու միջին դասակարգի ժողովուրդին հաշուոյն հարկային մեծ կրճատումներ իրականացնել՝ հարուստները աւելի՛ հարստացնելու համար, ապա մենք այդ առաջարկին պիտի ընդդիմանանք>>։

Սակայն հանրապետականները անդրդուելի են: Անոնք մեծ շահեր կ՛ակնկալեն նոր վարչակազմէն:

Իրենց կարգին, տնտեսագէտներուն մեծ մասը կ՛ազդադարեն, որ Թրամփի առաջարկներուն գործադրութիւնը շարք մը բացասական հետեւանքներ պիտի ունենայ՝ նշելով, որ անոնք կրնան տոլարի արժեզրկման առաջնորդել եւ յառաջիկայ տասնամեակին կրնան 3000էն 4000 միլիառ տոլարի յաւելեալ բաց մը յառաջացնել պետական ամավարկին մէջ:

Միւս կողմէ, <<Էյ.Պի.Սի.>>ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Սթիւ Մնուչին Ապրիլ 27ին չկրցաւ երաշխիքներ տալ այն մասին, որ առաջադրուած փոփոխութիւններուն գործադրութեան պարագային՝ միջին դասակարգը յաւելեալ տուրքեր պիտի չվճարէ։

 

 



comments