Յորդանանի Արքայադուստրը Հայաստանին ծխելու դէմ պայքարելու կոչ կ՛ընէ

By Asbarez | Friday, 28 April 2017

0429princess2

ԵՐԵՒԱՆ - Յորդանանի արքայադուստր Տինա Միրատ հիացած է հայաստանեան գեղատեսիլ վայրերով: Այս մասին կը հաղորդէ <<Արմէնփրէս>>ը:

Երեւանի պետական բժշկական համալսարանին հրաւէրով այս օրերուն Հայաստան գտնուող Տինա Միրատ, որ նաեւ Քաղցկեղի վերահսկման միջազգային միութեան (Union of International Cancer Control) նորանշանակ նախագահն է, այցելած է Գառնի եւ Գեղարդ: Համալսարանի տնօրէն Արմէն Մուրատեանի ուղեկցութեամբ՝ ան նախ այցելած է Գեղարդի վանք, ապա՝ Գառնիի տաճար, համտեսած է հայկական լաւաշն ու պանիրը, լսած հայկական երաժշտութիւն:

Հայաստանի մասին անընդմէջ թարմ տեղեկութեամբ յագեցած օրուան աւարտին՝ Յորդանանի արքայադուստրը, ամփոփելով օրը՝ յայտնած է, որ պարզապէս աննկարագրելի է, թէ որքան տպաւորուած է այս այցով: Թէեւ ան դրական գնահատած է Հայաստանի մէջ քաղցկեղի դէմ պայքարին մակարդակը, բայց նոյն ժամանակ նշած է, թէ դեռ բարելաւելու տեղ կայ:

<<Ըսեմ, որ իսկապէս շատ կրթուած բժշկական անձնակազմ կայ, ընդհանուր յարմարութիւններ, բայց այստեղ ենք Հայաստանին աջակցելու՝ ոլորտին մէջ ալ աւելի առաջ երթալու համար, եւ այստեղ կայ այդ հիմքը: Մեր համագործակցութիւնը, անշուշտ, պիտի շարունակուի, սակայն կայ մէկ հարց, որուն մէջ ես եւ հա-մալսարանի տնօրէնը համակարծիք ենք. Հայաստան պէտք է պայքարի ծխախոտին դէմ: Ծխախոտի շուկան, որուն շնորհիւ մարդոց առողջութեան հաշուոյն գումար կը շահին, կը զարգացնէ շատ վատ ճանապարհներ, որոնցմով կարելի եղածին չափ կ՛ընդլայնէ սպառողներուն քանակը: Անոնք թիրախ կը դարձնեն երիտասարդները՝ զանոնք դարձնելով ցկեանս ծխախոտի սպառողներ: Մեր երկրին մէջ նոյնպէս դեռ մեծ աշխատանք կայ տանելու այս ուղղութեամբ, Հայաստանի մէջ՝ նոյնպէս, հակառակ պարագային, ապագային ոչ մէկ առողջապահութեան նախարարութիւն չի կրնար պայքարիլ ծխախոտի հետեւանքով յառաջացած հիւանդութիւններուն դէմ>>, զրոյցին ընթացքին ըսած է Յորդանանի արքայադուստրը՝ առաջարկելով մշակել ծխախոտի կանխարգիլման ուղիներ:

Տինա Միրատը քաղցկեղ յաղթահարած երեխայի մայր է. անոր որդին պայքարած է այս հիւանդութեան դէմ: Հայաստանի մէջ այցելելով հիւանդանոցներ, քաղցկեղի դէմ պայքարող կեդրոններ, տեսնելով ծնողներ, հաղորդակցելով անոնց հետ ու աջակցելով՝ Յորդանանի արքայադուստրը նշած է, որ ամենակարեւորը ճիշդ վերաբերմունքն է իրավիճակին հանդէպ:

<<Անշուշտ, շատ դժուար է, յատկապէս առաջին վեց ամիսները, սակայն ամէնէն կարեւորը՝ պէտք է գիտակցիլ ու հաւատալ, որ ասիկա դեռ չի նշանակեր աւարտ: Այս բոլորը ընկալելու համար կարեւոր են հարազատները, ընկերները եւ ընդհանրապէս հասարակութիւնը: Բուժման նոր տեսակները դեռ մեր առջեւն են, պէտք է պարզապէս դիմակայել եւ յիշել, որ փապուղիի աւարտին միշտ լոյս է>>, ըսած է ան:

Անդրադառնալով Հայաստան-Յորդանան յարաբերութիւններուն՝ Տինա Միրատ ընդգծած է, որ Յորդանանի մէջ ապրող հայերը երկրի մշակոյթին մէկ մասն են, հպարտ է եւ ուրախ, որ Յորդանանի մէջ կայ նման հայ համայնք:

<<Հայաստանը եւ Յորդանանը լաւ բարեկամներ են: Ունինք հրաշալի հայկական համայնք, որ այնտեղ կ՛ապրի շուրջ հարիւր տարիէ ի վեր: Ես հայ ընկերներ ունիմ. Յորդանանի մէջ կայ հայկական ճաշարան, որ կը մատուցէ հիանալի հայկական ուտելիքներ։ Մենք ունինք նաեւ փորձառու հայ ոսկերիչներ: Ես պարզապէս չէի կրնար Հայաստան այցելելու այս հնարաւորութենէն զրկուիլ>>, եզրափակած է Յորդանանի արքայադուստրը:

 



comments