Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը կ՛այցելէ Հայաստան

By Asbarez | Friday, 28 April 2017

 

0429russiandeledation

ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>> - Ապրիլ 26էն 28 Երեւան կը գտնուէր Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան (ՊՆ) պատուիրակութիւնը՝ Ռուսիոյ Հարաւային ռազմական շրջանի հրամանատար, զօրավար Ալեքսանտր Տվորնիքովի գլխաւորութեամբ:

Աշխատանքային այցի ծիրին մէջ զօրավար Տվորնիքով այցելած է Գիւմրի տեղակայուած ՌԴ 102րդ ռազմակայան եւ Երեւան տեղակայուած ռազմաօդանաւային կայան:

Ապրիլ 28ին, Հայաստանի ՊՆ վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած է ՌԴ Հարաւային ռազմական շրջանի հրամանատարի հանդիպումը Հայաստանի զինուած ուժերու (ԶՈՒ) գլխաւոր շտապի պետ, զօրավար Մովսէս Յակոբեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի ԶՈՒ եւ Ռուսիոյ ԶՈՒ զօրքերու միացեալ խմբաւորման դերն ու նշանակութիւնը, ՀԱՊԿ արագ արձագանգման հաւաքական ուժերու համակազմերու եւ Հայաստանի ԶՈՒ եւ Ռուսիոյ ԶՈՒ Զ(ու)ՄԽ ստորաբաժանումներու հետ այս տարի Հայաստանի մէջ կայանալիք <<Փոխգործակցութիւն>> եւ Ռուսիոյ ու Հայաստանի մէջ նախատեսուած <<Որոնում>> համատեղ զօրավարժութիւններու նախապատրաստման ու կատարման հետ կապուած, ինչպէս նաեւ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու լայն շրջանակ մը:

 



comments