Մոսկուայի մէջ կ՛ընթանայ Հայ-Ռուսական ռազմարդիւնաբերական համաժողովը

By Asbarez | Friday, 28 April 2017

 

0429moscowviken1

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Նիուզ>> - Ապրիլ 28ին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան Մոսկուայի մէջ մասնակցած է Հայ-ռուսական ռազմարդիւնաբերական համաժողովի աշխատանքներուն եւ հանդէս եկած է ելոյթով, ուր յոյս յայտնած է, որ համաժողովը կարեւոր քայլ պիտի դառնայ հայ-ռուսական ռազմավարական համագործակցութեան յետագայ զարգացման ճանապարհին:

<<Համատեղ նախագծումն ու միասնական արտադրութիւնը, մանաւանդ ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտում, ստեղծում է նոր, յատուկ յարաբերութիւններ երկրների միջեւ՝ հնարաւորութիւն տալով ձեւաւորել լայն  շփումներ հորիզոնական մակարդակում>>, նշած է Վիգէն Սարգսեան:

Պաշտպանութեան նախարարը նաեւ համոզում յայտնած է, որ առաջատար մասնագէտներու հետ անմիջական շփումը, հեռանկարային նախագծային լուծումներու, նոր արհեստագիտութեան եւ անոնց գործնական կիրառութեան շուրջ կարծիքներու պարբերական փոխանակումը կը ծառայէ ռազմական միտքի զարգացման եւ Հայաստանի ու Ռուսիոյ միջեւ ռազմական համագործակցութեան ամրապնդման:

 

comments