By Asbarez | Friday, 28 April 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<ՓանԱրմինիըն>> - Երեւանի մէջ պիտի իրականցաուի <<ԹՈՒՄՕ ստուդիաներ>> կրթական նոր ծրագիրը:
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան եւ <<Սիմոնեան>> կրթական հիմնադրամի գլխաւոր տնօրէն Մարի Լու Փափազեան Ուրբաթ, Ապրիլ 28ին ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր մը, որ կը նախատեսէ շուրջ 5 միլիոն տոլար արժողութեամբ ներդրումային ծրագիրի ծիրէն ներս հիմնել ժամանակակից եւ ստեղծագործ կրթական նոր միջավայր:
Սոյն յուշագիրով ԹՈՒՄՕ ստեղծարար կեդրոնը կը նախաձեռնէ <<ԹՈՒՄՕ ստուդիաներ>> կրթական նոր ծրագիրը, որուն նպատակն է ոչ-թուային, <<անալոկ>> (նման-ական) ուղղութիւններու, որոնց շարքին լուսանկարչական, նորաձեւութեան, նաեւ հայկական խոհարարական արուեստի զարգացումը: Ծրագիրին պիտի կարենան մասնակցել 18-20 տարեկան երիտասարդներ՝ անվճար, կամ մատչելի անդամավճարով:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ