By Aztag Daily | Monday, 01 May 2017

Մոսկուայի մէջ երէկ ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի, Սերկէյ Լաւրովի եւ Էլմար Մամետեարովի աշխատանքային հանդիպումը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը հաղորդեց, որ հանդիպումին ընթացքին շարունակուած են ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթը յառաջ մղելու շուրջ քննարկումները: Ընդգծուած է Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ 2016-ի ապրիլին ու յունիսին տեղի ունեցած վեհաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրման անհրաժեշտութիւնը:
Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները երախտագիտութիւն յայտնած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին` ղարաբաղեան հիմնահարցի խաղաղ լուծման աջակցութեան ուղղուած շարունակական ջանքերուն համար: Նախարարները համաձայնած են շարունակել հանդիպումները քննարկուած բոլոր հարցերուն առնչութեամբ:
Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախարարներու եռակողմանի հանդիպումէն ետք, անոնց միացած են նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը: Տեղի ունեցած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին շուրջ միտքերու փոխանակում:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ