Նախագահ Սարգսեան Բարեկամութեան շքանշանով պարգեւատրեց նախարար Միշել Ֆարաոնը եւ նախագահ Աունին Հայաստան այցելելու հրաւէր ուղղեց

By Aztag Daily | Monday, 01 May 2017



Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ գրասենեակէն կը տեղեկացնեն, թէ երէկ նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Լիբանանի ծրագրաւորումի հարցերու պետական նախարար Միշել  Ֆարաոնը:

Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ Հայաստան կը գտնուի: Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի նշանակալի իրադարձութիւնը նախագահ Սարգսեանը լաւ առիթ մը եւս նկատած է արժեւորելու եւ բարձր գնահատելու երկու երկիրներու ժողովուրդներու աւանդական ջերմ կապերն ու պետութիւններուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները: Հանդիպումին նախագահը ջերմութեամբ յիշած է նոյեմբեր 2012-ին Լիբանան կատարած իր պետական այցելութիւնը եւ նախարար Ֆարաոնէն խնդրած է Լիբանանի նախագահ Միշել Աունին փոխանցել իր ջերմ ողջոյններն ու Հայաստան այցելելու հրաւէրը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ պետական նախարար Միշել Ֆարաոնի այցելութիւնը եւ այդ շրջագիծին մէջ տեղի ունեցող հանդիպումներն ու քննարկումները աշխուժութիւն հաղորդեն հայ-լիբանանեան յարաբերութիւններուն, որոնց շարունակական ամրապնդումը կը բխի երկու ժողովուրդներուն շահերէն:

Հանդիպումին ընթացքին հանրապետութեան նախագահը Լիբանանի ծրագրաւորումի հարցերու նախարար Միշել Ֆարաոնը պարգեւատրած է Բարեկամութեան շքանշանով` հայ-լիբանանեան տնտեսական կապերու զարգացման, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար:

Նախարար Ֆարաոն շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին` զինք պետական բարձր պարգեւի արժանացնելուն համար, եւ գոհունակութեամբ խօսած է Հայաստանի մէջ ունեցած հանդիպումներուն ու քննարկումներուն մասին:

Զրուցակիցները երկուստեք կարեւոր նկատած են Լիբանանի հայ համայնքին դերակատարութիւնը միջպետական կապերու եւ երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման տեսանկիւնէն:

Հանդիպումին երկկողմանի օրակարգի հարցերու քննարկումէն բացի, անդրադարձ կատարուած է նաեւ բազմակողմանի ձեւաչափով հայ-լիբանանեան համագործակցութեան:

 

comments