By Aztag Daily | Monday, 01 May 2017
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ <<Ռոյթըրզ>> լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է միջազգային քաղաքական օրակարգի ամէնէն հրատապ նիւթերէն մէկուն Հիւսիսային Քորէայի շուրջ ստեղծուած նախապատերազմական իրավիճակին:
70-ամեայ Թրամփի համաձայն Փիոնկեանկի հետ լայնածաւալ տագնապի հաւանականութիւնը մեծ է` հակառակ անոր որ ինք պիտի նախընտրէր այդ հարցը լուծել դիւանագիտական ճամբով:
<<Մեծ է հաւանականութիւնը, որ մենք վերջիվերջոյ մեծ, շատ մեծ տագնապ պիտի ունենանք Հիւսիսային Քորէայի հետ: Ատիկա յստակ է>>, ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը` աւելցնելով. <<Մենք շատ պիտի ուզէինք հարցը դիւանագիտօրէն լուծել, սակայն ատիկա չափազանց բարդ է>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ