By Asbarez | Monday, 01 May 2017
ԱՆԳԱՐԱ, <<Սի.Էն.Էն.>> - Մայիս 1ին, ամերիկեան ռազմական ուժեր հաստատուեցան Թուրքիա-Սուրիա սահմանի արեւելեան հատուածին վրայ, թրքական զինուորական ուժերուն եւ Սուրիոյ քրտական ուժերուն միջեւ ծաւալած ճակատումները զսպելու եւ կանխելու համար։
Նշենք, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին, թրքական ռմբակոծումներուն իբրեւ հետեւանք, սպաննուած էին ամերիկեան ուժերուն հետ գործակցող եւ <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարող աւելի քան 20 քիւրտ զինեալներ։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը օրին քննադատած էր թրքական ուժերու օդային հարուածները՝ նշելով, որ նման քայլեր կը վտանգեն նաեւ շրջանին մէջ գտնուող ամերիկացի զինուորներուն կեանքը:
Հակադարձելով այդ քննադատութեան, Էրտողան պնդեց, որ Անգարա պիտի չհանդուրժէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ներկայութիւնը Իրաքի Սինճար նահանգին կամ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ՝ ազդարարելով նման յարձակումներ կրկնելու մասին։
Թրքական <<Հիւրրիյէ>>չ թերթը իր կարգին կը հաղորդէ, թէ Էրտողան, խօսելով Սուրիոյ մէջ քիւրտ-ամերիկեան աշխոյժ համագործակցութեան մասին՝ յայտարարած է, որ ամերիկեան նոր վարչակազմը կը կրկնէ <<Օպամայի օրերուն գործուած սխալները>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ