By Asbarez | Monday, 01 May 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Մայիս 1ին, Ճատրակի միջազգային դաշնակցութիւնը (ՖԻԴԷ) հրապարակած է աշխարհի լաւագոյն հարիւր վարպետներու վարկանշային ցուցակը, որուն մէջ Լեւոն Արոնեան վեցերորդ դիրքը կը գրաւէ:
Հայազգի վարպետը իր դիրքը բարելաւած է երեք աստիճանով:
Տղամարդկանց աղիւսակը կը գլխաւորէ աշխարհի ախոյեան Մակնուս Քարլսըն:
Աշխարհի 100 լաւագոյն վարպետներուն մէջ են նաեւ Սերգէյ Մովսիսեան (64րդ տեղ) եւ Վլադիմիր Յակոբեան (83րդ):
Ճատրակի կին վարպետներու վարկանշային աղիւսակին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Էլինա Դանիէլեան գրաւած է 28րդ, իսկ Լիլիթ Մկրտչեան՝ 56րդ տեղը:
Մինչեւ 20 տարեկան պատանիներու վարկանիշային աղիւսակին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Մանուէլ Պետրոսեան գրաւած է 28րդ, Տիգրան Յարութիւնեան՝ 36րդ, իսկ Հայկ Մարտիրոսեան՝ 41րդ դիրքը:
Հրապարակուած են նաեւ արագ եւ կայծակնային ճատրակի վարպետներու առաջին հարիւրեակի վարկանշային ցուցակը, ուր Արոնեան գրաւած է 8րդ հորիզոնականը:
Արագ ճատրակի աշխարհի 100 լաւագոյն վարպետներու ցանկին վրայ կը գտնուին նաեւ Հայաստանի 4 այլ ներկայացուցիչներ՝ Տիգրան Լ. Պետրոսեան (31րդ), Հրանդ Մելքումեան (39րդ), Վլադիմիր Յակոբեան (50րդ) եւ Սերգէյ Մովսէսեան (54րդ):
Կայծակնային ճատրակի դասակարգման 100 լաւագոյն վարպետներու ցանկին վրայ տեղ գտած են Հայաստանի 7 ներկայացուցիչներ. Զաւէն Անդրիասեան (22րդ հորիզոնական), Լեւոն Արոնեանը (24րդ), Տիգրան Լ. Պետրոսեան (35րդ), Հրանդ Մելքումեան (53րդ), Սերգէյ Մովսէսեան (71րդ), Կարէն Գրիգորեան (76րդ) եւ Վլադիմիր Յակոբեան (92րդ):
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ