By Aztag Daily | Wednesday, 03 May 2017
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտ ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին մասին տեղեկութիւն չկայ:
Դիւանագէտը նշած է, որ համանախագահները չունին որեւէ տեղեկութիւն նախագահներու հանդիպումին վերաբերեալ:
Խօսելով Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին մասին` Հոկլընտ նշած է, որ 28 ապրիլին տեղի ունեցած հանդիպումը կատարուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին նախաձեռնութեամբ: Դիւանագէտը նաեւ աւելցուցած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդիպումին արդիւնքին վերաբերեալ յայտարարութիւն տարածած է:
Կը նշուի, որ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին ընթացքին կը սպասուէր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին կազմակերպման շուրջ քննարկում կատարել:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ