Փութին-Թրամփ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն

By Aztag Daily | Wednesday, 03 May 2017


Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Տանըլտ Թրամփ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցան: Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ երկու կողմերը կեդրոնացած են Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ծիրին մէջ ռուս¬ամերիկեան համակարգուած քայլերու հեռանկարին վրայ:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին երկու ղեկավարները համաձայնած են <<զինադադարի դրութիւնը ամրապնդելու, զայն աւելի կայուն դարձնելու եւ վերահսկողութեան տակ առնելու ընտրանքներու որոնման համար աշխուժացնելու երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ երկխօսութիւնը>>:

Ըստ <<Սփութնիք>>¬ի, Քրեմլին հաղորդած է. <<Նպատակը Սուրիոյ մէջ լուծման իսկական հոլովոյթի մը ընթացք տալն է: Ատիկա կը նշանակէ, թէ ռուս եւ ամերիկացի արտաքին գործոց նախարարները ղեկավարներուն անմիջապէս պիտի տեղեկացնեն այդ ուղղութեամբ արձանագրուած յառաջդիմութեան մասին>>:

Ըստ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան, երկու նախագահները համաձայնած են 7-8 յուլիսին Համպուրկի մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ դէմ առ դէմ հանդիպում մը ունենալ: Անոնք նաեւ զօրակցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները շարունակելու գաղափարին:

 

 



comments