By Asbarez | Wednesday, 03 May 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - 2007ին Տիգրանակերտի մէջ հիմնուած Ժողովրդավարական հասարակութեան խորհուրդի քիւրտ համանախագահ Հաթիպ Տիճլէ, Գերմանիոյ մէջ մասնակցած է <<Թուրքիոյ գնացքը. Նախագահական համակարգի ճգնաժամը>> խորագիրով համաժողովի մը ու ծանր խօսքերով քննադատած է նախագահ Էրտողանն ու իշխող կուսակցութիւնը։
<<Կազեթէ Քարընճա>> թերթը կը նշէ, որ Տիճլէ քիւրտերու դէմ կառավարութեան ներկայի գործողութիւնները նմանցուցած է հայերու դէմ 100 տարի առաջ իթթիհատականներուն վարած քաղաքականութեան։ Խօսելով նախագահ Էրտողանի կողմէ երկրէն ներս վարուած քաղաքականութեան մասին՝ Տիճլէ պնդած է, թէ <<Էրտողան նոր Էնվէր փաշա մըն է եւ կը վերստեղծէ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն (Երիտթուրքեր) կուսակցութեան անդամներուն երազը>>։
Քիւրտ քաղաքական գործիչին համաձայն՝ պատահական չէ՛, որ քանի մը տարի առաջ Թուրքիա ճիշդ Ապրիլ 24ին ռազմական գործողութիւն մը իրականացուց Սուրիոյ Ռոժաւա քաղաքին ու Իրաքի Շենկալ շրջանին դէմ, որոնք մեծաւ մասամբ քրտաբնակ տարածքներ են։
Յիշեցնենք, որ Ժողովրդավարական հասարակութեան խորհուրդը Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցին կապակցութեամբ գրաւոր յայտարարութիւն մը կատարած էր՝ նշելով, որ պատմութեան ընթացքին թրքական պետութեան վարած՝ <<մէկ պետութիւն, մէկ ազգ, մէկ լեզու>> քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք, Անատոլիոյ եւ Միջագետքի ժողովուրդները ենթարկուած են ցեղասպանութեանց, իսկ այդ գործընթացը կը շարունակուի մինչեւ այսօր:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ