Եւրոմիութեան անդամակցելու Թուրքիոյ երազը կարելի է աւարտած համարել. Հան

By Asbarez | Wednesday, 03 May 2017

0503Hahn

ՎԱԼԵԹԱ, Մալթա, <<Ռոյթըրզ>> - Եւրոմիութեան ընդարձակման հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հան յայտարարած է, որ Եւրոմիութեան անդամակցելու Թուրքիոյ երազը կարելի է աւարտած համարել։

Թրքական <<Տիքեն>> կայքը կը գրէ, թէ Հան շեշտած է, որ երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին մէջ Թուրքիա պարզապէս չի կրնար իրականացնել Եւրոմիութեան առաջադրած պայմանները: Ան նշած է, որ Թուրքիա զգալի կերպով հեռացած է եւրոպական սկզբունքներէն, իսկ ապագային, թուրք-եւրոպական յարաբերութիւններու զարգացումը կարելի պիտի ըլլայ միայն տնտեսական ոլորտի մէջ:

<<Ժողովրդավարութիւնը ամէն տեղ նոյնը պէտք է ըլլայ։ Թուրքիոյ մէջ եւս մարդիկ իրաւունք ունին ապրելու այնպիսի ժողովրդավար պայմաններու մէջ, ինչպիսին են եւրոպական երկիրներու մէջ: Այժմ բոլորին համար ակնյայտ է, որ Թուրքիա բաւական հեռացած է Եւորմիութեան անդամ դառնալու հեռանկարէն>>, ըսած է Հան:

Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ Ապրիլ 16ին կայացած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէով, մեծապէս ընդարձակուեցան երկրի նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի լիազօրութիւնները՝ հարցականի տակ առնելով երկրին մէջ ժողովրդավարական կարգերը պահելու հաւանականութիւնը:

 



comments