Էրտողան վերադարձաւ իշխող կուսակցութեան շարքերը

By Asbarez | Wednesday, 03 May 2017

0504erdo

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> -  Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Մայիս 2ին իրականացուց իր երազներէն մէկը եւս, երբ հանրաքուէի արդիւնքներուն շնորհիւ՝ կրցաւ վերամիանալ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան շարքերուն։

Նախագահը խելայեղ ծափահարութիւններու մէջ ստորագրեց անդամակցութեան համաձայնագիրը, մինչ իր քով նստած էր վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ։

Էրտողան, որ այս կուսակցութեան հիմնադիրներէն մէկն էր, նախկին սահմանադրական օրէնքով անդամակցութենէն հրաժարած էր, երբ նախագահ ընտրուած էր։ Ան իր խօսքերուն կցեց նաեւ քաղաքական հարցեր եւ առիթը յարմար նկատեց, որ դարձեալ յանդիմանէ Եւրոմիութիւնը՝ պնդելով. <<Եւրոմիութիւնը պարտաւոր է բանալ բոլոր այն (անդամակցութեան) թղթածրարները, զորս մինչեւ այսօր չէ բացած։ Թուրքիան Եւրոմիութեան սպասաւորը չէ՛>>, ըսաւ Էրտողան։

Էրտողան, կուսակցութեան յաջորդ համագումարին ընթացքին, որ պիտի կայանայ Մայիս 21ին, պիտի ընտրուի նաեւ կուսակցութեան նախագահ։

 



comments