By Asbarez | Thursday, 04 May 2017
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Ամերիկայի Ձայն>> - Սոչիի մէջ կայացած Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ հանդիպումը յատկանշուած է անոնց միջեւ տարակարծութեանց բացայայտումներով։
Արդարեւ, Փութին <<պարզապէս բամբասանք>> որակած է այն պնդումները, թէ ռուսական կողմը միջամտած է Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն, մինչ կողմերը շարունակած են տարակարծիք մնալ մասնաւորապէս Ուքրանիոյ եւ Սուրիոյ ճգնաժամերուն շուրջ։
Մերքել ընդգծած է, որ բանակցութիւններուն ընթացքին ոչ մէկ լուրջ ձեռքբերում կարելի եղած է արձանագրել:
Ռուս-գերմանական յարաբերութիւնները փակուղի մտած են Սուրիական պատերազմէն եւ Ռուսիոյ կողմէ Խրիմի կցումէն ետք:
Արդարեւ, Պերլին խստօրէն կը քննադատէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին աջակցելու Ռուսիոյ կեցուածքը եւ Մերքել ընդգծած է, որ Մոսկուա մասնակիօրէն պատասխանատու է Սուրիոյ մէջ քաղաքացիներու սպանութիւններուն:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ