Փութին-Էրտողան հանդիպումը կեդրոնացած է տնտեսական հարցերու վրայ

By Asbarez | Thursday, 04 May 2017

0505erdo putin

ՍՈՉԻ, <<Ռոյթըրզ>> - Սոչիի մէջ Մայիս 3ին տեղի ունեցած Փութին-Էրտողան հանդիպումէն ետք, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ըսած է, թէ Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւնները վերականգնած են ճգնաժամէ մը ետք: Փութին նշած է, որ զրուցակիցները կեդրոնացած են յատկապէս տնտեսական համագործակցութեան վրայ եւ նշած է, որ համաձայնութիւն գոյացած է տնտեսական սահմանափակումները վերացնելու, ներդրումները աճեցնելու եւ առեւտուրը ազգային դրամանիշով կատարելու վերաբերեալ: Ան նաեւ յիշեցուցած է, թէ ներկայիս Թուրքիոյ բնական կազին 55 տոկոսը, ածուխին 33 տոկոսը եւ քարիւղին 18 տոկոսը կը մատակարարուին Ռուսիոյ կողմէ:

Նախագահները քննած են <<Թրքական հոսք>> կազատարի եւ Թուրքիոյ մէջ ռուսական ընկերութեանց կողմէ կառուցուող հիւլէական ելեկտրակայանի ծրագիրները:

Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին՝ Փութին ըսած է. <<Սուրիոյ հակամարտութիւնը քաղաքական եւ դիւանագիտական ճանապարհներով լուծելու գծով համակարծիք ենք Էրտողանի հետ>>:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է նաեւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ապահովական յատուկ գօտիներ ստեղծելու հարցը՝ սուրիական բանակին եւ ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ բախումներու առաջքը առնելու նպատակով:

 



comments