Թիլըրսըն եւ Չաւուշօղլու դարձեալ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են

By Aztag Daily | Thursday, 11 May 2017

<<Սփութնիք>> - ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու դարձեալ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են:

Կողմերը քննարկած են Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տիրող իրավիճակը:

Օրեր առաջ թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, որ Թիլըրսըն եւ Չաւուշօղլու բաւական լարուած հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած են Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին մասին: Անոնք մասնաւորաբար կը նշէին, որ կողմերը չեն յաջողած ընդհանուր յայտարարի հասնիլ Սուրիոյ տարածքին մէջ գործող քրտական ջոկատներուն վերաբերեալ:

Յիշեցնենք, որ 25 ապրիլին թրքական զինեալ ուժերը օդային հարուածներ հասցուցած էին Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն, այդ պատճառով ալ սպաննուած էին քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու 18 զինեալներ:

Միւս կողմէ, լաւատեղեակ աղբիւրներ լիբանանեան <<Նաշրա>> կայքին յայտնած են, որ քիւրտերուն Սուրիոյ մէջ Միջերկրական ծովուն վրայ ելք ունենալու պահանջը թրքական կառավարութեան հետ ճգնաժամին գլխաւոր պատճառն է:

Աղբիւրները կը նշեն, որ այդ նպատակին իրագործման համար քիւրտերը իրենց գրաւը դրած են Ուաշինկթընի վրայ, ինչպէս նաեւ Աֆրինի շրջանին մէջ Ռուսիոյ հետ իրենց կատարած համակարգումին վրայ: Ըստ անոնց, Միացեալ Նահանգներ պէտք է համաձայն ըլլան այդ պահանջին` նկատի ունենալով այն ծառայութիւնները, որոնք քիւրտերը մատուցած են իրենց, սակայն նոյն ատեն կը գիտակցին, որ այդ քայլը կը հանդիպի Անգարայի  ընդդիմութեան: Վերջինս իր կարգին այդ զարգացումը կանխարգիլելու համար կը փորձէ օգտուիլ երկու մեծ պետութիւններուն հետ իր յարաբերութիւններէն: Իրողութիւն մը, որ զայն կը մղէ խօսելու քիւրտերուն դիմաց Միջերկրական ծով առաջնորդող ճամբան փակելու համար Իտլիպի ուղղութեամբ զինուորական գործողութեան մը մասին:

 



comments