By Asbarez | Thursday, 11 May 2017
<<Եւրոտեսիլ 2017>> երգի մրցումի առաջին կիսաեզրափակիչ համերգը տեղի ունեցաւ Մայիս 9ի երեկոյեան, որուն ընթացքին 16րդ հանդէս եկաւ Հայաստանը ներկայացնող Արծուիկը:
Ան շատ գեղեցիկ կերպով կատարեց իր Fly With Me երգը՝ արժանանալով դատակազմի եւ հանդիսատեսներու դրական գնահատականին, որուն իբրեւ արդիւնք՝ Հայաստանը անցաւ մրցոյթի եզրափակիչ փուլ:
Հայաստանէն բացի, առաջին կիսաեզրափակիչին ելոյթ ունեցան նաեւ Շուէտի, Վրաստանի, Աւստրալիոյ, Ալպանիոյ, Պելճիքայի, Մոնթենեկրոյի, Ֆինլանտայի, Ատրպէյճանի, Փորթուկալի, Յունաստանի, Լեհաստանի, Մոլտովայի, Իսլանտայի, Չեխիոյ, Կիպրոսի, Սլովենիոյ եւ Լաթվիոյ ներկայացուցիչները:
<<Եւրոտեսիլ-2017>>ին Կիպրոսի ներկայացուցիչը Յովիկ Տէմիրճեանն է, որ կրցաւ եզրափակիչ փուլ անցնիլ իր ներկայացուցած Gravity երգով։
Մրցումի երկրորդ կիսաեզրափակիչը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 11ին, իսկ եզրափակիչ համերգը՝ Մայիս 13ին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ