By Asbarez | Thursday, 11 May 2017
ՊՈԼԻՍ - Սուրիոյ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու հրամանատարութիւնը Մայիս 10ին շնորհակալութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին, քրտական ուժերուն զէնք տրամադրելու որոշումին համար:
Թրքական <<Տիքեն>> կայքը կը հաղորդէ, որ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու բանբեր Ռետուր Խալիլ ամերիկեան այս որոշումը որակած է <<պատմական>>՝ ընդգծելով, որ այսուհետեւ <<Իսլամական պետութեան>> դէմ իրենց պայքարը պիտի ըլլայ զգալիօրէն աւելի ուժեղ եւ արդիւնաւէտ:
Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն յանձնուած իւրաքանչիւր զէնք Թուրքիոյ համար վտանգ կը ներկայացնէ: Ան կրկնեց, թէ նշեալ ջոկատները Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութենէն որեւէ տարբերութիւն չունին, եւ աւելցուց, թէ <<Միացեալ Նահանգներ ծանօթ է այդ իրողութեան>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ